07/06/2026
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Սեւրի Մուրատեան վարժարան»ի Միութիւնը (L’Association du Collège arménien – Fondation Samuel Moorat) իր ընդհանուր ժողովը գումարեց Մայիս 19 2026-ին, Սեւրի իր կեդրոնատեղիին մէջ։
Այս առթիւ, միութիւնը ուրախութեամբ կ՚ողջունէ անդամակցութիւնը երկու նոր գործակիցներու, որոնք կու գան զօրակցելու իր գործունէութեան՝ ի նպաստ մշակութային, կրթական եւ յիշողութեան եռակի առաքելութեան վերաշխուժացման։
Ընդհանուր ժողովը քննեց նաեւ կալուածի վերակենսաւորման եւ շարունակականութեան ծրագիրները, որոնց գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է պալատի (château), ապա միւս մասնաշէնքերու վերանորոգումը։ Այս աշխատանքները հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն հոն հաստատելու հարուստ գրադարան մը ի սպաս հայ համայնքին, ուսումնասիրութիւններու, դասախօսութիւններու եւ համագումարներու կեդրոն մը, եւ մասնաւորապէս՝ վերականգնել աստիճանաբար վարժարանիս կրթական կոչումը, ի նպաստ համայնքին՝ հայ դպրոցի մը ստեղծման ապագայ հեռանկարով։
Այս նպատակով, ընդհանուր ժողովը ուսումնասիրեց դրամի հայթայթման քանի մը հնարաւոր աղբիւրներ՝ յարգելով կեդրոնի պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութիւնը, յատկապէս շարունակելով վերջին տարիներուն արդէն իսկ սկսած որոշ ծրագիրներ։
Ժողովը քննարկեց նաեւ հանրօգուտ միութեան (association d’intérêt général) կարգավիճակ ստանալու հնարաւորութիւնը, որպէսզի խրախուսէ բոլոր այն անձերու նուիրատուութիւնները, որոնք կապուած են այս առաքելութեան յարատեւութեան եւ Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի աւելի քան հարիւրամեայ պատմութեան։
Վերջապէս, վերջ դնելու համար ապատեղեկատուութեան արշաւին, որ դժբախտաբար կը շարունակէ կեղծ լուրեր տարածել, ընդհանուր ժողովը յիշեցուց, որ 2025 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած կանոնագրութեան բարեփոխումը պաշտօնապէս եւ խստիւ կ'արգիլէ Սեւրի կալուածին որեւէ վաճառք։
Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանը Ֆրանսայի հայութեան պատմութեան կարեւորագոյն վայրերէն մէկն է։ Անիկա նպաստած է քանի մը սերունդներու կազմաւորման եւ կը մնայ հայ համայնքին համար մշակութային, կրթական եւ յուշապատմական էական խորհրդանիշ մը։
Սեւրը պէտք է վերստին դառնայ հայ մշակոյթի եւ հայրենաւանդ արժէքներու փոխանցման, զարթօնքի, ուսման եւ ճառագայթման վայր՝ ի սպաս համայն հայութեան։