28/09/2026
ՏԱՐԲԵՐ ՕՐ ՄԸ
Իրապէ՛ս տարբեր էր Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի օրը, որ յագեցած էր հայու հպարտութեամբ եւ Եգիպտոսի հզօրութեան գիտակցութեամբ:
Ծրագրումովը ՀԲԸՄիութեան Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեանին եւ կազմակերպութեամբ ժրաջան վարչականներուն, կարգ մը եգիպտահայեր առիթը ունեցան այցելելու Վարչական Նոր Մայրաքաղաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան նորաբաց թանգարանը:
Այս այցելութիւնը յատուկ շարժառիթ մը ունէր՝ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հիմնադրութեան 200-ամեակը, որուն առաջին Նախարարը՝ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան, իսկ աւելի ետք չորս նախարարներ եգիպտահայեր եղած են՝ Արթին Պէյ Չրաքեան, Ստեփան Տէմիրճեան, Նուպար Փաշա Նուպարեան եւ Տիգրան փաշա Տ'Ապրօ:
Թանգարանին փոփոխուող ցուցադրութիւններու սրահը իր առաջին ցուցադրութիւնը նուիրեր էր եգիպտահայերուն, ցուցադրելով կարեւոր արխիւ եւ իրեր:
Նոյն առիթով ՀԲԸՄիութիւնը Արտաքին Գործոց Նախարարութեան նուիրեր էր Տիգրան Տ'Ապրոյի (Ապրոյեան) կիսանդրին:
Խումբին ընկերացաւ եւ սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ Դեսպան Նակի Ղապա, իսկ այցելութեան աւարտին ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Նակի Ղապայի եւ զինք արծաթեայ յուշանուէրով մը պատուելով: Դոկտ. Սիմոնեան չմոռցաւ յիշել նաեւ անունները բոլոր անոնց, որոնք սատարեր էին այս ցուցադրութեան:
Խումբը առիթ ունեցաւ նաեւ այցելելու Վարչական Նոր Մայրաքաղաքի մեծ եկեղեցին, որ կը գրաւէ քաղաքին կեդրոնը: Այնտեղ եւս այցելուները տեղեկութիւններ ստացան եկեղեցւոյ շինութեան, անոր չափերուն՝ գրեթէ նոյնքան մեծ, որքան Վատիկանի Ս. Պետրոս եկեղեցին, իսկ գմբէթը կը համարուի Միջին Արեւելքի ամենէն մեծը:
Եկեղեցին գրաւեց բոլորը իր գեղեցիկ որմնանկարներով եւ ճարտարապետութեամբ: