30/06/2026
Շնորհակալական Խօսք
Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ Երգչախումբերու Վարչութիւնը,սրտազգաց շնորհակալութիւն կը յայտնէ, Ուրբաթ,26 Յունիս 2026-ին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուած Համերգին,Ազգային Բարերար Աղա Գրիգոր և Աղա Կարապետ Մելգոնեան Եղբայրներուն յիշատակին,1200-է աւելի հանդիսատեսին,որ աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած էր,Կրթարանին շրջափակին մէջ,վերապրելու իր պատանեկան յիշատակները,մասնակցելով իր սիրելի երգերու հնչողութեան,մանկական շրթներէն մինչև երգչախումբի երէց անդամներէն,որոնք բոլորը մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին սիրուած ժողովրդական և ազգային երգեր,որ իր լրումին հասաւ,բոլորէն սիրուած Երեւան Էրեբունի երգով, մասնակցութեամբ երգչախումբի Մելգոնեանցի հիւր անդամներու,թնթացնելով անբողջ շրջափակը:
Ցուցադրուած սահիկներու ընդմէջէն,հանրութեան ներկայացուեցաւ Մելգոնեանի հարուստ կեանքը,իսկ իւրաքանչիւր երգի ընկերացողխորհրդաւոր նկարները փայլք մը եւս աւելցուցին համերգին :
Վարչութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն,երգչախումբերու անդամներուն անխտիր,մեր շատ սիրելի խմբավարներուն,Տիկին Զարա Բարխուդարեանին, Տիկին Վիքի Գույումճեանին, Գիւմրիէն, Լիբանանէն և Կիպրոսէն, նուագողներուն, առանց որոնց մասնակցութեան,նոյն տպաւորութիւնը և ազդեցութիւնը պիտի չունենային մեր սիրուած երգերը :
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլորիս կողմէ շատ սիրուած Տիկին Լիլիա Դանիէլեան Խաչատրեանին,որ սիրայօժար,հակառակ իր շատ խճողուած ծրագրին,իւրաքանչիւր փորձին ներկայացաւ,միշտ ժպիտով և քաջալերական խօսքերով,մինչև երէցներու երգչախումբը հասնի իր կարողութեան կատարեալին:
Յատուկ շնորհակալութիւն նաև մեզի ուժ տուող և մեզ հետ շնչող քանոնահար Տիկին Ալիսա Ոսկանեանը,որ ամբողջ տարին Շաբաթ յերմիջօրէները մեզի հետ է, դաշնակի ընկերակցութեամբ,իր շինիչ գաղափարներով, ապա իր մասնակցութեամբ երիտասարդական երգչախումբին և իր ուրախ տրամադրութեամբ քաջալերելու փոքրիկ անդամները երգչախումբի:
Մեծ հաճոյքով կը փափաքինք շնորհակալութիւն յայտնել նաև համերգին յաջողութեան սատարող ողջ անձնակազմը,որոնք անխոնջ աշխատեցան երկար ժամեր բծախնդրօրէն բացառիկ արհեստավարժի պահանջքով: Սօսէ Էսքիճեան,Վիքթորիա Ոսկանեան,Stylianos Nicolaou, Արմէն Տէմիրճեան,Ալէքսանտր Միքայէլ Հաճիլիրաս, Ալիս Մարի Թոֆարիտիս, և Գոռ Մէլեան:
Դարձեալ շնորհակալութիւն բոլորիդ,որ քաջալերելով մեր այս շատ յիշատակելի և յիշարժան աշխատանքը ներկալյ գտնուեցաք մեր այս համերգին և սրտանց գնահատեցիք:
Աստուած բոլորդ առողջ և երջանիկ պահէ:
Նորանոր յաջողութիւններ պարգեւէ:
Փառք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100-ամեակին Փաոք բոլոր մեր սրտակից հանդիսատեսներուն
Բարի երթ,Մինչ յաջորդ հանդիպում