Hamazkayin《Նիկոլ Աղբալեան》 Մասնաճիւղ - հալէպ

  • Home
  • Syria
  • Aleppo
  • Hamazkayin《Նիկոլ Աղբալեան》 Մասնաճիւղ - հալէպ

Hamazkayin《Նիկոլ Աղբալեան》 Մասնաճիւղ - հալէպ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

08/08/2026

Երկուշաբթի, 27 Յունիս եւ 3 Օգոստոս 2026_ի օրերուն, Համազգայինի կերպարուեստի ուսումնարանի աշակերտները հաճելի պահեր անցուցին պարտէզէն ներս։ Փոքրիկները, ներշնչուելով շրջապատէն, գծեցին պարտէզին շատրուանը, Սիսն ու Մասիսը։

Գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն սերմանելու նպատակով` Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026_ին, Համազգայինի Գրական յ...
05/08/2026

Գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն սերմանելու նպատակով` Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026_ին, Համազգայինի Գրական յանձնախումբի կազմակերպած >-ի փոքրիկներուն երկրորդ շաբթուան այցելութիւնն էր ՍՕ Խաչի > մասնաճիւղի համանուն գրադարանը։

Փոքրիկները ջերմեռանդ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան ՍՕ Խաչի > մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ։ Այստեղ տեղեկութիւն տրուեցաւ գրադարանի բազմաբովանդակ գիրքերուն շուրջ ու անոնց ընտրութեան ձեւին` քաջալերելով փոքրիկները, որպէսզի ընթերցանութիւնը դարձնեն իրենց առօրեայի անբաժան մասը։

Այնուհետեւ այցելուները ուղղուեցան ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի սրահ, ուր հոն եւս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն շուրջ։

Աւարտին, այցելուները վարչութեան կողմէ հիւրասիրուեցան եւ յիշատակի նուէրներով (էջադիր) բաժնուեցան կեդրոնէն։

03/08/2026
Համազգայինի  մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 29  Յուլիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Համ...
01/08/2026

Համազգայինի մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Համազգային Մշակութային կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ի երկրորդ շաբթուան գործունէութիւնը։
Մասնակից աշակերտները խմբային դրութեամբ ունկնդրեցին յանձնախումբի անդամներ` ընկհ.Թամար Գազանճեանի եւ ընկհ. Աննա Մաթոսեանի ներկայացուցած հայկական դիւցազնավէպի "Սասնայ Ծռեր"ու երկրորդ ճիւղի գլխաւոր հերոս` Առիւծ Մհերի դիւցազնութիւնները։ Ապա կեդրոնի բակէն ներս, բարձր տրամադրութեամբ խաղցան յիշողութեան խաղը եւ միասնաբար լուծեցին խաչբառ։ Մասնակիցները կոկիկ հիւրասիրութիւն մը ստանալէ ետք, վերադարձան իրենց բնակարանները ։

29/07/2026

«Կար Ու Չկար 4»
«Մաս 2»

28/07/2026

Գործունէութեան առաջին պտոյտը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Յուլիս 2026-ի, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, " Children university "։ Մասնակիցները, ծանօթացման հաճելի խաղ մը խաղալէ ետք, ուղղուեցան "Robotic"ի սենեակը, ուր ունկնդրեցին ներկայացուած նիւթի տեսական բաժինը։ Ապա անցնելով գործնականին, միասնաբար կազմեցին ցուցադրուած գործիքը։
Աւարտին ունեցան յիշատակելի խմբային նկար։

Գործունէութեան զոյգ օրերուն տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ փոքրիկները բարձր տրամադրութեամբ եւ հարուստ գիտելիքներով վերադարձան իրենց բնակարանները։

Յիշենք, որ ամառնային գործունէութիւնը պիտի շարունակուի շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ` Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:30։
«Մաս 1»

Համազգայինի  մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Համա...
27/07/2026

Համազգայինի մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Համազգային Մշակութային կեդրոնէն ներս սկիզբ առաւ ամառնային գործունէութիւնը,
մասնակցութեամբ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգերէն (32) աշակերտներու։

Յանձնախումբի ատենապետուհին` ընկհ. Սոնա Չալօղլեան մասնակիցներուն հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ գործունէութեան եւ ներկայացուելիք հեքիաթներուն շուրջ։ Հեքիաթներուն նիւթն էր ու չորս ճիւղաւորումները։

Աշակերտները բաժնուեցան երկու խմբակներու, որոնք կրեցին հայկական դիւցազնավէպի առաջին ճիւղի հերոս ու հիմնադիր եղբայրներուն անունները` Սանասար եւ Պաղտասար։

Յանձնախումբի ընկերուհիներ` Գարոլին Քիւրքլեան եւ Սոնա Չալօղլեան իւրաքանչիւր խմբակին ներկայացուցին "Սանասար եւ Պաղտասար" դիւցազնավէպը, զոր
աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին։ Ապա անցան բակ, ուր տեղի ունեցան ուսուցողական եւ դաշտային խաղեր։

Address

Aleppo

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Hamazkayin《Նիկոլ Աղբալեան》 Մասնաճիւղ - հալէպ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share